2012-09-22 13:08:44

Ոչ Եւս է Կարդինալ ֆորդունադօ Պալտելլի` Աւետարանի Ողջ Օրինակ։


Չորեքշաբթի 19 սեպտեմբերի երեկոյեան, իր մահկանացուն կնքեց 77-ամեայ կարտինալ ֆորդունադօ Պալտելլի՝ նախագահը քահանայապետական առաքելական ատեանին ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անոր ընտանեկան պարագաներուն ուղղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ կը մատնանշէ հանգուցեալ կարտինալին քրիստոնէական ու քահանայական կեանքի ողջ օրինակը։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար, անվերապահօրէն ծառայելով նուիրապետութեան զանազան մակարդակներու ու վայրերուն մէջ։
Ողբացեալ կարտինալը մեծ հաւատարմութեամբ ծառայեց Աւետարանին։
Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ շաբաթ 22 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին Վատիկանի գերեզմանատան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.